Մեր Բաժինները

Թատրոնի Բաժինին միջոցով կը նպատակադրենք ամրապնդել մեր աշակերտներու ինքնավստահութիւնը եւ դաստիարակել զանոնք որպէս բանաւոր եւ մարմնական արտայայտութեան ճիշդ կարողութիւններ ունեցող անհատներ։ Արուեստի միջոցով կը խրախուսենք ապրումակցութիւնը, թիմային աշխատանքի յարմարութիւնը եւ բեմական կարգապահութեան ձեւաւորումը։


Պարի Բաժինին միջոցով կը նպատակադրենք զարգացնել մեր աշակերտներու մարմնական իրազեկութիւնը, ձեւաւորել ռիթմի զգացում եւ ընձեռել անոնց շարժման միջոցով ազատօրէն արտայայտուելու կարողութիւնը։ Կարգապահութիւնը, ներդաշնակութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը այս ակումբին հիմնական ձեռքբերումներն են։
.png)
.png)
Մարզանքի Բաժինին միջոցով կը նպատակադրենք սատարել մեր աշակերտներու մարմնական զարգացմանը, միաժամանակ ձեւաւորելով թիմային ոգի, կարգապահութիւն եւ առողջ կեանքի գիտակցութիւն։ Առաջնահերթ կը նկատենք արդար խաղի (fair-play) սկզբունքը։
%20(1).png)
%20(1).png)
Լուսանկարչութեան Բաժինին միջոցով կը նպատակադրենք, որ մեր աշակերտները զարգացնեն իրենց տեսողական իրազեկութիւնը, աշխարհին տարբեր դիտանկիւններէ դիտելու կարողութիւնը եւ ձեռք բերեն գեղագիտական ընկալում։


Խոհարարութեան Բաժինին միջոցով կը նպատակադրենք զարգացնել մեր աշակերտներու խոհանոցային մշակոյթը, պատասխանատուութեան զգացումը եւ ստեղծագործական կարողութիւնները։ Կարեւոր կը նկատենք, որ անոնք սորվին ստեղծել եւ կիսել։

