Բացայայտող, Արտադրող եւ Բաժնեկցող Աշակերտներու Համար։

Մեր Բաժինները

Բնագիտութիւններու Բաժինը կը նպատակադրէ պատրաստել լիսէի աշակերտները ոչ միայն ակադեմական յաջողութեան, այլեւ՝ գիտական մտածողութիւնը կեանքին հետ կապող, խնդիրներուն վերլուծական մօտեցող եւ ընկերային պատասխանատուութեան զարգացած գիտակցութիւն ունեցող անհատներ դառնալու։ Փորձարարական, դիտողական եւ նախագիծահեն աշխատանքներու միջոցով կը խրախուսուին աշակերտներու հետազօտական, ստեղծագործական եւ լուծում մշակելու կարողութիւնները։ Շրջակա միջավայրի, կայուն զարգացման եւ հանրային օգտակարութեան կեդրոնացած նախաձեռնութիւններով աշակերտները կը փորձառեն գիտութեան փոխակերպող ուժը։

Գիտութեան Բաժին
Գիտութեան Բաժին

Հայերէն <<MUN>> Բաժինին միջոցով կը նպատակադրենք, որ մեր աշակերտները իրենց մայրենի լեզուով կարողանան քննարկել միջազգային թեմաներ եւ ձեւաւորուին որպէս հզօր արտայայտչական կարողութիւններ ունեցող անհատներ։ Կը սատարենք լեզուի եւ ինքնութեան գիտակցութեան ամրապնդման։

Հայերէն <<MUN>>  Թաթիա
Հայերէն <<MUN>>  Թաթիա

Մեր դպրոցին մէջ 2023 թուականէն ի վեր աշխուժ կերպով շարունակուող Model United Nations (MUN) Ակումբը կը նպատակադրէ դաստիարակել մեր աշակերտները որպէս միջազգային հարթակներու վրայ ձայն ունեցող անհատներ։ MUN-ը տարբեր դիտանկիւններ կը համախմբէ՝ ստեղծելով ներշնչող գաղափարներու փոխանակման միջավայր մը եւ խրախուսելով աշակերտները մտածելու, հարցադրելու եւ գտնելու իրենց սեփական ձայնը։ TGT-ն հարթակ մըն է, ուր աշակերտները կրնան ազատօրէն արտայայտել իրենց մտքերը, բաժնել իրենց պատմութիւնները եւ ազդեցիկ կերպով ներկայացնել իրենց գաղափարները։ 2024 թուականին մեր դպրոցին մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կը սատարէ ինքնավստահութեան ամրապնդման, հանրութեան առջեւ խօսելու կարողութեան եւ քննադատական մտածողութեան զարգացմանը՝ խրախուսելով աշակերտները բացայայտելու իրենց սեփական ձայնը։

Անգլերէն <<MUN>> <<TGT>> Նիլիւֆեր Ք. ,Նարօտ Ք
Անգլերէն <<MUN>> <<TGT>> Նիլիւֆեր Ք. ,Նարօտ Ք

Երաժշտութեան Ակումբին միջոցով կը նպատակադրենք զարգացնել մեր աշակերտներու ռիթմի զգացումը, ունկնդրելու կարողութիւնը եւ միասին ստեղծագործելու հմտութիւնը։ Երաժշտութեան միջոցով կը կարեւորենք կարգապահ աշխատանքի սովորութիւնը եւ գեղարուեստական զգայունութեան ձեւաւորումը։

Երաժշտութիւն – Սերտա Դ.
Երաժշտութիւն – Սերտա Դ.

Գծագրութեան Բաժինին միջոցով կը սատարենք, որ մեր աշակերտները բացայայտեն իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները, զարգացնեն գեղագիտական դիտանկիւնը եւ ամրապնդեն գեղարուեստական արտայայտութեան հմտութիւնները։ Կը ստեղծենք միջավայր մը, որ կը խրախուսէ ինքնուրոյն մտածողութիւնն ու երեւակայութիւնը։

Գծագրութիւն - Սայաթ Ու.
Գծագրութիւն - Սայաթ Ու.