Աշակերտական Խորհուրդ
Աշակերտներուն Խօսքի Իրաւունք Տուող Խորհուրդ
Աշակերտական Խորհուրդը դպրոցական կեանքին մէջ աշակերտներուն խօսք եւ ուղղութիւն տուող հիմնական կառոյցներէն մէկն է։ Ան ժողովրդավարական մասնակցութեան մշակոյթը փորձառութեամբ սորվելու կարեւոր հարթակ կը հանդիսանայ։ Կանունաւոր կերպով կազմակերպուող ամսական ժողովներուն միջոցով աշակերտները գործուն մասնակցութիւն կը բերեն դպրոցին մէջ կիրառուելիք նորարարութիւններու ծրագրմանը եւ համատեղ մտածողութեամբ առնուած որոշումներու միջոցով անմիջական ազդեցութիւն կ՛ունենան դպրոցական միջավայրի զարգացման վրայ։Սուրբ Խաչ Լիսէի աւանդութենէն սնուած այս մասնակցային կառուցուածքը կը նպատակադրէ ամրապնդել աշակերտներու պատասխանատուութեան զգացումը, առաջնորդական կարողութիւնները եւ հասարակական գիտակցութիւնը։
