Ի Թուինինկ-ը ի՞նչ է։
Ի Թուինինկ-ը Եւրոպայի ամենամեծ կրթական համայնքն է, որ հիմնուած է Եւրոպայի դպրոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը խրախուսելու նպատակով։ Ան ստեղծուած է մասնակցող երկիրներու դպրոցներուն մէջ ծառայող ուսուցիչներու, տնօրէններու, գրադարանավարներու եւ կրթական այլ աշխատակիցներու համար։
Ի Թուինինկ-ը տարբեր թուային գործիքներ եւ աջակցութիւն կը տրամադրէ՝ ապահովելու համար, որ ուսուցիչները հաղորդակցին, համագործակցին, նախագիծեր մշակեն եւ լաւ փորձառութիւններու օրինակներ փոխանակեն։ Մասնակիցները կրնան իրականացնել թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ՛ երկարաժամկէտ նախագիծեր եւ զանոնք կեանքի կոչել աշակերտներուն հետ միասին։Տեղեկատուական եւ հաղորդակցական թեքնոլոժիաներու արդիւնաւէտ գործածութեան միջոցով Ի Թուինինկ-ը կը խրախուսէ դպրոցներու միջեւ մշակութային փոխանակումը, ստեղծագործականութիւնը եւ նորարար ուսուցման մեթոտներու կիրառութիւնը։
Ի Թուինինկ-ը հիմնուած է 2005 թուականին Եւրոպական Յանձնաժողովին կողմէ եւ միացուած է Էրասմուս+ ծրագրին։ 2025 թուականի դրութեամբ Ի Թուինինկ-ի գործունէութիւնը կը շարունակուի 45 անդամ երկիրներու մէջ։ Այս երկիրներն են՝ Գերմանիա, Ալպանիա, Աւստրիա, Ազրպէյճան, Պելճիքա, Պոսնիա-Հերցեկովինա, Պուլկարիա, Չեխիա, Դանիա, Հայաստան, Էստոնիա, Ֆինլանտիա, Ֆրանսա, Պաղեստին, Հարաւային Կիպրոս (Յունական հատուած), Վրաստան, Հոլանտա, Խորվաթիա, Իռլանտա, Իսպանիա, Շուէտ, Իտալիա, Իսլանտա, Մոնթենեկրօ, Քոսովա, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Լաթվիա, Լիխտենշթայն, Լիթուանիա, Լիբանան, Լիւքսեմբուրգ, Հունգարիա, Մալթա, Մոլտովայի Հանրապետութիւն, Նորվեկիա, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Սլովակիա, Սլովենիա, Սերբիա, Թունիս, Թուրքիա, Ուքրանիա, Յորդանան եւ Յունաստան։
Ի Թուինինկ-ը, Տեղեկատուական եւ Հաղորդակցական արհեստագիտութիւններու գործածութեամբ ապահովելով անհրաժեշտ աջակցութիւն, գործիքներ եւ ծառայութիւններ, կը դիւրացնէ դպրոցներուն կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ գործընկերութիւններու հաստատումը եւ այս կերպով կը խթանէ դպրոցական համագործակցութիւնը Եւրոպայի մէջ։
Ի Թուինինկ եւ ESEP հարթակ (https://school-education.ec.europa.eu)
2022 թուականէն ի վեր Ի Թուինինկ-ի գործունէութիւնը կը վարուի Եւրոպական Դպրոցական Կրթութեան Հարթակին՝ ESEP-ի (https://school-education.ec.europa.eu/tr/etwinning ) միջոցով։
Այս հարթակին վրայ ուսուցիչները կրնան՝
• Գործընկեր որոնել,
• Նախագիծ մեկնարկել,
• Լաւ փորձառութիւններու օրինակներ փոխանակել,
• Մուտք ունենալ կրթական աղբիւրներու։








