Բացայայտող, Արտադրող եւ Բաժնեկցող Աշակերտներու Համար։

Մեր Բաժինները

Սպաներէնի Բաժինը կը համախմբէ այն աշակերտները, որոնք կը փափաքին սորվիլ աշխարհով մէկ լայն տարածում ունեցող իսպաներէն լեզուն եւ զարգացնել իրենց լեզուական կարողութիւնները։ Լեզուական վարժութիւններու, խաղերու եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով մեր աշակերտները առիթ կ՛ունենան մօտէն ծանօթանալու իսպաներէն խօսուող երկիրներու մշակոյթներուն։

Սպաներէն – Նիկոլ Հ.
Սպաներէն – Նիկոլ Հ.

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Բաժինին միջոցով կը նպատակադրենք մեր աշակերտներուն մէջ ձեւաւորել անվտանգութեան գիտակցութիւն եւ դաստիարակել պատասխանատու ու գիտակից անհատներ։ Կարեւոր կը նկատենք արտակարգ իրավիճակներուն պատրաստ ըլլալը։

Քաղաքացիական Պաշտպանութիւն – Ալի Իհսան Կ.
Քաղաքացիական Պաշտպանութիւն – Ալի Իհսան Կ.

Մեր բաժինը նպատակ ունի մեր աշակերտները փոխակերպել պասիւ թեքնոլոժի սպառողներէն դէպի գործուն եւ ստեղծագործ թուային արտադրողներ։ Այս նորարար ծրագիրին մէջ մեր աշակերտները գործնական ձեւով կը փորձարկեն արդիական արհեստական բանականութեան գործիքներ, որոնք կը հնարաւորեն տեքստ, պատկեր, ձայն, անիմացիա եւ խաղային ձեւաւորում ստեղծել։ Մեր հիմնական նպատակը աշակերտներուն արհեստական բանականութեան գրագիտութիւն փոխանցելն է, զարգացնել ստեղծագործ մտածողութիւնն ու պատմուածք կառուցելու հմտութիւնները, եւ ապահովել, որ թուային գործիքները գործածեն բարոյական, արդիւնաւէտ եւ գիտակից ձեւով։ Այս ընթացքին աշակերտները ոչ միայն կը ծանօթանան նոր սերունդի թեքնոլոժիաներուն, այլ նաեւ իրենց երեւակայութիւնը գործածելով կ՛ապրին թուային աշխարհին մէջ անկախ նախագիծեր ստեղծելու եւ զանոնք խումբային աշխատանքով իրականութիւն դարձնելու ոգեւորութիւնը։

Արհեստական Բանականութեան եւ Արուեստագիտութեան Բաժին– Սարօ Օսքար
Արհեստական Բանականութեան եւ Արուեստագիտութեան Բաժին– Սարօ Օսքար