Մեր 11-րդ Դասարանի Աշակերտները Ընկերային Գիտութիւններու Աշխատանքային Համաժողովին Մէջ Յաջողութիւն Արձանագրեցին

Մեր 11-րդ Դասարանի Աշակերտները Ընկերային Գիտութիւններու Աշխատանքային Համաժողովին Մէջ Յաջողութիւն Արձանագրեցին
22/2/2026
Վալիտէպաղ Գիտական Լիսէ

Սուրբ Խաչ Դպրեվանքէն նոր յաջողութիւն մը եւս`Վարժարանիս ԺԱ. դասարանի սաներէն Գաթիա Մէնթէշէն եւ Էլըն Ալքանլըն, 15-16 Փետրուար թուականներուն մասնակցեցան` Վալիտէպաղ Գիտական Լիսէի կողմէ կազմակերպուած Ընկերային Գիտութիւններու աշխատանքային համաժողովին։ Էլըն Ալքանլըն, յանցագործական հոգեբանութեան յանձնախումբին մէջ ցուցաբերած գերազանց ելոյթով արժանացաւ` «Լաւագոյն Խօսնակ» մրցանակին։Իրենց յաջողութիւններուն համար կը շնորհաւորենք մեր սաները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր ուսուցիչներուն, որոնք դպրոցէ դուրս գործունէութիւններու մէջ ալ ուղեցոյց կ’ըլլան մեր սաներուն։