9-րդ Դասարանի Աշակերտներուս Խաղալիքներու Թանգարանի Այցելութիւն

9-րդ Դասարանի Աշակերտներուս Խաղալիքներու Թանգարանի Այցելութիւն
22/2/2026
Կէօզթեփէ

Խաղալիքներու թանգարանները կը պահպանեն եւ ապագային կը փոխանցեն այն խաղալիքները, որոնք հասարակական եւ թեքնոլոգիական փոփոխութիւններու ընթացքին վտանգուած են կորսուելու։ Թանգարաններուն մէջ ցուցադրուող խաղալիքները հնարաւորութիւն կու տան բացայայտելու կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները։

Այսօր 9-րդ դասարանի մեր աշակերտներուն հետ այցելեցինք «Իսթանպուլի Խաղալիքներու Թանգարան»ը՝ նպատակ ունենալով, որ անոնք խաղալիքներու միջոցով բացայայտեն արդիւնաբերական պատմութեան, մշակոյթի պատմութեան եւ կրթական ոլորտի փոփոխութիւնները, եւ միաժամանակ զարգացնեն իրենց երեւակայութիւնը՝ ակադեմական, զգացական եւ զարգացական առումներով։