
14 Ապրիլ Երկուշաբթի, վարժարանիս մէջ հիւրընկալեցինք` մասնագէտ, հոգեբան եւ խորհրդատու Ճիհան Եշիլյուրթը։ Եշիլյուրթ, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ուղղեալ տուաւ համալսարանի մտից քննութեան պատրաստուելու գաղտնիքը խորագրեալ սեմինար մը։ Սոյն սեմինարին Եշիլյուրթ յատկապէս YKS-ին պատրաստուելու ընթացքին աշակերտներուն ապրած դժուարութիւններու, ժամանակի կառավարման, նպատակի սահմանման եւ արդիւնաւոր ուսման արարքներու մասին փոխանցեց զանազան տեղեկութիւններ ու օրինակներ, ստեղծելով ներշնչիչ մթնոլորտ մը։Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ճիհան Եշիլյուրթին՝ իր կատարած սեմինարին համար։