Սեւան Կարապետօղլուի Հետ՝ Գիտութիւն-Ֆէն եւ Թեխնոլոգիա Ակումբի Գործունէութիւն

Սեւան Կարապետօղլուի Հետ՝ Գիտութիւն-Ֆէն եւ Թեխնոլոգիա Ակումբի Գործունէութիւն
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

28 Նոյեմբեր Ուրբաթ, վարժարանիս գիտութեան ակումբը հիւրընկալեց Սեւան Կարապէտօղլուն։Սաները արդի տեղեկութիւններ ստացան՝ նորոգելի ուժանիւթի աղբիւրներու, բրածոյ վառելանիւթերու տեսակներու, ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան եւ շարունակելի ուժանիւթի կիրառումներու մասին:Գործնական աշխատանքներուն շնորհիւ անոնք հնարաւորութիւն ունեցան աւելի շօշափելի եւ հասկանալի կերպով փորձառել քննարկուած նիւթերը։Ուժանիւթի ոլորտին մէջ իր ունեցած ներդրումին եւ արժէքաւոր բաժնեկցումին համար ԻԹԻՒ համալսարանի դասախօս Սեւան Կարապէտօղլուին կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը ։