Տնտեսագէտ Շանթ Մանուկեանի Սեմինար

Տնտեսագէտ Շանթ Մանուկեանի Սեմինար
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Այսօր մեր դպրոցին մէջ հիւրընկալեցինք տնտեսագիտական աշխարհի յարգուած անուններէն Շանթ Մանուկեանը։ Լիսէական տարիներուն վերաբերող անկեղծ յուշերէն սկսած՝ զրոյցը հասաւ մինչեւ համաշխարհային ֆինանսներու, արհեստական բանականութեան եւ ապագայի մասնագիտութիւններու թեմաներուն։

Կարգապահութեան, հետաքրքրասիրութեան եւ սիրով կատարուած աշխատանքի արժէքին մասին անոր փոխանցած սրտանց պատգամները ոգեշնչեցին մեր աշակերտները։ Այս իմաստալից հանդիպումին նպատակն է նպաստել, որ մեր աշակերտները աշխարհը տեսնեն աւելի լայն տեսանկիւնով եւ ապագային դիմաւորեն աւելի պատրաստուած քայլերով։

Այս արժէքաւոր զրոյցին համար մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Պարոն Շանթին։