Գործունէութեան Շաբթուան Շրջանակին Իրականացաւ «Ներառական Լեզուի Աշխատանոց»

Գործունէութեան Շաբթուան Շրջանակին Իրականացաւ «Ներառական Լեզուի Աշխատանոց»
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Գործունէութեան Շաբթուան առիթով այսօր վարժարանիս մէջ տեղի ունեցաւ «Ներառական Լեզուի Աշխատանոց» մը։Թ. դասարանի սաներ, Հրանդ Տինք Հիմնարկութեան կողմէ իրականացած աշխատանոցի ընթացքին մարդու իրաւունքներուն վրայ հիմնուած լեզուի կարեւորութիւնը տարբեր տեսանկիւնէ մը ըմբռնելու առիթը ունեցան։Աշխատութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընկերային կեանքին մէջ միասնաբար ապրելու, մշակոյթին այլազանութիւնը ըմբռնելու եւ հաղորդակցելու հնարաւորութիւններուն։ Աշակերտները խմբային աշխատանքներու միջոցաւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստացան։Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հրանդ Տինք Հիմնարկութեան՝ այս արժէքաւոր աշխատանոցին համար։