.jpg)
Սուրբ Խաչ Լիսէի Փիլիսոփայութեան Ակումբը 24 Հոկտեմբեր 2025, Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 20։30-ին, Սանջաքթեփէ Բեմին վրայ դիտեց Վիքթոր Հիւկոյի անմահ ստեղծագործութիւնը՝ «Թշուառները»։
Այս իմաստալից թատերական փորձառութիւնը մեր աշակերտները առաջնորդեց ոչ միայն գրականութեան, այլ նաեւ մարդկային խղճմտանքի, արդարութեան եւ ազատութեան որոնման խորքերուն։ Ամէն տեսարանի մէջ Հիւկոյի գրիչէն հոսող մարդկային հարցադրումը նորովի կեանք առաւ։
Արվեստին եւ փիլիսոփայութեան հանդիպումով այս երեկոն մեր աշակերտներուն համար վերածուեցաւ ոչ միայն թատերական տպաւորութեան, այլ մտածումի եւ զգացումի միահիւսուած ուսումնական ճամբորդութեան։
Մեր դպրոցը կը շարունակէ ակումբային գործունէութիւններու միջոցով աջակցիլ աշակերտներու մտաւոր եւ մշակութային զարգացմանը։