
Դեկտեմբեր 19-ին, «Dolce Paganne» ծածկանունով յայտնի արուեստագէտ Ցերեն Աքսունկուրի «Ոչ Մէկ Տեղի Պատկանող» խորագրով ցուցահանդէսը այցելեցինք մեր փիլիսոփայութեան ակումբի աշակերտներուն հետ։
Ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ գոյութեան շուրջ մտածելու հրաւիրող այս ցուցահանդէսին մէջ մեր աշակերտները միայն դիտողներ չեղան․ անոնք հարցադրեցին, մեկնաբանեցին եւ ստեղծագործութիւնները կապեցին փիլիսոփայական մտածողութեան հետ։
Դասարանէն դուրս այս փորձառութիւնը մէկ անգամ եւս փաստեց, որ փիլիսոփայութիւնը միայն գրքերու մէջ չէ, այլ՝ արուեստի, կեանքի եւ հարցադրումներու խորքին մէջ։