Լրագրող Մուրատ Կիւլօղլուի Մեր Դպրոց Այցելութիւնը

Լրագրող Մուրատ Կիւլօղլուի Մեր Դպրոց Այցելութիւնը
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Վարժարանիս մէջ, որոշ թուականներուն սաներու կարողութիւնները զօրացնելու, գիտակցութիւն ստեղծելու եւ վկայական ստանալէ ետք գործ գտնելու հնարաւորութիւններուն նպաստելու նպատակով կը կազմակերպուի “Արհեստավարժութեան Օրեր”։ Վարժարանիս արհեստավարժութեան օրերու ծրագրին այսօրուայ հիւրը լրագրող եւ հեռուստահաղորդավար Մուրատ Կիւլօղլուն էր։ Ան, այսօր հանդիպեցաւ մեր սաներուն հետ եւ բաժնեց իր լրագրութեան, մամուլի եւ հեռուստատեսութեան վերաբերեալ գիտելիքները։ Աշակերտները ներշնչուեցան սոյն զրոյցէն։ Մեր սաները Կիւլօղլուին հարցումներ ուղղեցին այս ոլորտին վերաբերեալ եւ այսպիսով նոր քայլ մը առին իրենց ակադեմական մղումը զօրացնելու եւ նպատակադրելու ուղղութեամբ։