.png)
GSL SporFest’25-ին արձանագրուած հպարտացնող յաջողութիւն։ Յունիս 10–13 թուականներուն, Կալաթասարայ Լիսէի հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած SporFest ’25 միջոցառման մեր դպրոցը արժանաւոր կերպով մասնակցեցաւ Սեղանի Թենիսի (աղջիկներու եւ տղոց խումբեր) եւ Շախմատի մարզաձեւերուն։
Մեր Սեղանի Թենիսի Աղջիկներու Խումբը — Քայրա Փալա, Ժանին Տեմիրճի, Լիա Ասատոր եւ Լիա Փորթագալեան — ցուցաբերած բարձր մակարդակի կատարողականութեամբ արժանացաւ մրցաշարի երկրորդութեան եւ հպարտութեամբ ստացաւ իր մետալները։
Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր աշակերտները իրենց յաջողութիւններուն եւ ջանքերուն համար, եւ կը շնորհակալութիւն յայտնենք զիրենք առաջնորդած արժէքաւոր ուսուցիչներուն։