%20(1).png)
2025 թուականի Յունիս 18-ին, Չորեքշաբթի օրը, մեր դպրոցի հովանիին տակ կայացաւ HayMUN միջոցառումը՝ հինգ լիսէներու մասնակցութեամբ։ Դպրոցներու կողմէ անգլերէնով կազմակերպուող MUN միջոցառումը երկրորդ անգամ իրականացուեցաւ հայերէնով։
Մասնակից իւրաքանչիւր աշակերտ, ներկայացնելով մէկ երկիր եւ գործելով որպէս այդ երկրի պատուիրակ, քննարկեց նախապէս սահմանուած նիւթերը եւ փորձեց լուծումներ առաջարկել հետեւեալ խորագիրներուն շուրջ ծագած խնդիրներուն՝ «Թուային Դարաշրջանին Մէջ Տուեալներու Գաղտնիութիւն», «Պատերազմ» եւ «Պետական Քաղաքականութիւններ»։
Միջոցառման աւարտին աշակերտները պատրաստեցին իրենց քննարկած նիւթերուն առնչուող լուծումի յայտարարութիւններ։
Թըպրեվանք ընտանիքիս անունով կը շնորհակալութիւն յայտնենք այս միջոցառման մասնակցած բոլոր ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։