
2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի առաջին կիսամեակի աւարտին ընդառաջ, անգլերէնի բաժանմունքի ուսուցիչներէն Սերէն Տ․-ն «Ամէն մարդ նոյն տեղէն չի սկսիր» խորագրեալ քաջալերական ելոյթով մը հանդիպեցաւ աշակերտներուն հետ։Ելոյթի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ TYT, AYT, IELTS եւ SAT-ի նման քննութիւնները լոկ արդիւնքներ չեն, այլ ճիշդ աշխատանքով ու հետեւողականութեամբ դէպի ապագայ բացուող դռներ են։ Հակառակ տարբեր մեկնակէտերուն եւ զանազան կարելիութիւններուն, չհրաժարելու կարեւորութիւնը փոխանցուեցաւ աշակերտներու իրական պատմութիւններու միջոցով։Այս ձեռնարկով մեր ուսուցիչը աշակերտներուն վերստին յիշեցուց, թէ իրենք առանձին չեն եւ ճիշդ քայլերով կարելի է հասնիլ ամէն նպատակի։