Հրանդ Տինք Հիմնարկի Կողմէ Պատրաստուած KarDes Բջջային Յաւելուածին «Պալաթ Յիշողութեան Շրջապտոյտ»-ին Մասնակցութիւն

Հրանդ Տինք Հիմնարկի Կողմէ Պատրաստուած KarDes Բջջային Յաւելուածին «Պալաթ Յիշողութեան Շրջապտոյտ»-ին Մասնակցութիւն
22/2/2026
Պալաթ

Մեր դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտները մասնակցեցան Հրանդ Տինք Հիմնարկի կողմէ պատրաստուած KarDes բջջային յաւելուածին «Պալաթ Յիշողութեան Շրջապտոյտ» ծրագրին։ Այցելութիւնը իրականացաւ Ատոմ Շաշկալի եւ Նարոտ Աւճիի առաջնորդութեամբ։

Այնուհետեւ մեր աշակերտները այցելեցին նաեւ Մասնաւոր Ֆէնէր Յունական Լիսէ՝ ծանօթանալով դպրոցի պատմութեան։ Բացի այդ, անոնք դիտեցին դպրոցի քիմիայի ուսուցիչ Նիքօ Սարիեանիտիի կողմէ իրականացուած «Թթու–Հիմք Ցուցիչներ» փորձը։