
Բանաստեղծութեան Միջոցաւ Պտոյտ մը Դէպի Պոլիս…Բոլորս, բանաստեղծներու տողերուն մէջ պահուած Պոլիսը վերագտանք, վարժարանիս մէջ կազմակերպուած «Պոլիս» խորագրեալ միջոցառումով։Ոսփորի կապոյտէն մինչեւ Պատմական Թերակղզիին լռութիւնը, փողոցներու եռուզեռէն մինչեւ ճայերու ազատութիւնը տարածուած այս ուղեւորութեան ընթացքին, վարժարանիս սաները իրենց զգացական ելոյթներուն միջոցաւ սրտերու հետ հաղորդակցեցան ։Մեր արժէքաւոր շրջանաւարտներն ալ միացան մեզի՝ այս իմաստալից օրը աւելի ալ յատուկ դարձնելով։Որպէս արուեստը եւ գրականութիւնը արժեւորող Դպրեվանքի ընտանիք՝ հպարտ ենք, որ հիւրընկալեցինք այսպիսի խորիմաստ հանդիպում մը՝ միաժամանակ աջակցելով մեր աշակերտներուն՝ իրենց կարողութիւնները յայտնաբերելու եւ զարգացնելու ճամբուն։