
Մեր դպրոցին մէջ որոշակի թուականներուն կը կազմակերպուին «Մասնագիտական Օրեր» ձեռնարկները՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել աշակերտներու կարողութիւնները, ստեղծել իրազեկութիւն եւ նպաստել շրջանաւարտութենէն ետք աշխատանքի հնարաւորութիւններու ընդլայնման։
Այսօրուան հիւրը՝ Հեռուստատեսային եւ Քինոյի Ֆիլմարտադրողներու Մասնագիտական Միութեան Իրավաբանական Խորհրդատու եւ Ընդհանուր Քարտուղար, բեմադրիչ, արտադրիչ, դերասան, գրող եւ իրաւաբան Բուրհան Գիւն էր։
Մեր աշակերտները առիթ ունեցան ուղղելու իրենց հետաքրքրող հարցերը եւ այս զրոյցը նոր խթան հանդիսացաւ իրենց ակադեմական շարժառիթները ամրապնդելու եւ ապագայի նպատակներու ձեւաւորման ճանապարհին յառաջընթաց կատարելու համար։