Լէօքեմիայով Հիւանդ Երեխաներու Շաբաթուան Առիթով՝ LÖSEV-ի Ներկայացուցիչ Իփեք Մէյտանջըի Սեմինարը Մեր Դպրոցին Մէջ

Լէօքեմիայով Հիւանդ Երեխաներու Շաբաթուան Առիթով՝ LÖSEV-ի Ներկայացուցիչ Իփեք Մէյտանջըի Սեմինարը Մեր Դպրոցին Մէջ
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Նոյեմբեր 2–8 Լէօքեմիայով Հիւանդ Երեխաներու Շաբաթուան շրջանակին մէջ, մեր դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ տեղեկատուական սեմինար մը՝ LÖSEV-ի ներկայացուցիչ Իփեք Մէյտանջըի մասնակցութեամբ։

Սեմինարի ընթացքին մեր աշակերտներուն հետ քննարկուեցաւ լէօքեմիայի դէմ պայքարին մէջ վաղ ախտորոշման կարեւորութիւնը, հասարակական իրազեկութեան անհրաժեշտութիւնը եւ համերաշխութեան ուժը։

Մեր աշակերտները, տեղեկանալով լէօքեմիայով հիւանդ երեխաներու անցած ընթացքին մասին, ունեցան առիթ ուղղելու իրենց հարցումները եւ զարգացնելու իրենց զգայունութիւնը, համակրանքը եւ ընկերային պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։

Այս արժէքաւոր ներդրումին համար կը շնորհակալութիւն յայտնենք LÖSEV-ին եւ Իփեք Մէյտանջըին։