.png)
Բրիմէքս Մետիքալի կողմէ երիտասարդներու բարեկեցութեան ապահովման առթիւ կատարուած ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրներու աջակցելու նպատակով վարժարանիս մէջ հիւրասիրեցինք ջատագով` Մօնիքա Լէվինսքին, որ զինքը պատմութեան մէջ հաղորդակցութեան ցանցի բռնութեան ենթարկուած առաջին անձը եղած էր։ Լէվինսքին բռնութեան դէմ 15 տարիներէ ի վեր կը պայքարի ու յատուկ աշխատութիւններ կը տանի։ Ան, Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ վարժարանիս սաներով կատարեց հետաքրքրական զրոյց մը եւ բռնութեան դէմ երիտասարդներու մօտ ստեղծեց ինքնագիտակցութիւն։ Իրեն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը եւ կը մաղթենք թէ բռնութեան դէմ պայքարի մէջ երիտասարդներու ուղղեցոյց ըլլալու շարունակէ։