
Մեր դպրոցի «Mythology» եւ «Girls’ Shine» eTwinning նախագիծերը, Եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան նկատուելով, արժանացան Եւրոպական Որակի Վկայագիրի։
Իրենց յաջողութիւններով մեզ հպարտացուցած մեր աշակերտները կը շնորհաւորենք, իսկ նախագիծերը նուիրումով իրականացուցած մեր ուսուցիչներուն՝ Տիկրիս Թաշքիրանին եւ Ճեյլան Յըլտըզին, կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը։