
24 Դեկտեմբեր Երեքշաբթի, վարժարանիս մէջ հոգեբանական աջակցութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս հիւրասիրեցինք «Ինչպէ՞ս Յաջողեցան» գիրքին հեղինակը՝ Էմրէ Տալքըլըճը։ Տալքըլըճը աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայացուց իր գիրքը, որուն մէջ ան ուսումնասիրած էր 2000-2020 թուականներուն համալսարանային քննութիւններու առաջատարները։ Ան բաժնեց ներշնչող խորհուրդներ քննութիւններու ռազմավարութիւններու մասին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Էմրէ Տալքըլըճին՝ իր ոգեւորիչ ներկայացման համար։