Մեր Աշակերտները Այցելեցին Ճորճ Պազելիցի Ցուցահանդէսը

Մեր Աշակերտները Այցելեցին Ճորճ Պազելիցի Ցուցահանդէսը
22/2/2026
Սաքըբ Սապանճը Թանգարան

Գիտենք թէ երեւակայութիւնը յաջողութեան համար վճռորոշ տարր է, որովհետեւ երեւակայութիւնը կ՚օգնէ սահմանները անցնելով զարգացնելու` նոր ուղիներ, լուծումներ ու հեռանկարներ։ Այս իմաստով, այսօր մենք վարժարանիս սաներով այցելեցինք` գերմանացի նկարիչ Ճորճ Պազելիցի ցուցահանդէսը, որ տեղի կ’ունենայ Սաքըբ Սապանճը Թանգարանին մէջ: Թանգարանին մէջ մենք առիթ ունեցանք ուղեցոյցի օգնութեամբ ծանօթանալ արուեստագէտի այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք հաստատակամ կեցուածքով կ’արտայայտեն մարդու մարմինը եւ մտածումները: Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նաեւ անոր դիմադրողական արուեստի տարբեր փուլերը եւ զանազան շարժումներու հետ կապերը: