.png)
Վարժարանիս ուսուցիչները 10 Նոյեմբեր Երկուշաբթի, մասնակցեցան Հրանդ Տինք Հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Ժողովրդավարութեան Քաղաքը» վերապատրաստման ծրագրին՝ հնարաւորութիւն ունենալով փորձառել ընդգրկուն եւ մասնակցային ուսուցման մեթոտներ։Ձեռնարկի ընթացքին մեր ուսուցիչները, խումբերով աշխատելով՝• լսեցին տարբեր տեսակետներ,• գաղափարներ մշակեցին եւ միասնաբեր որոշումներ տուին,•ժողովրդավարական ուսումնական միջավայր մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ կիրարկեցին փոխգործակցական գործադրութիւններ։Ուսուցիչները առիթ ունեցան աւելի խորքով ուսումնասիրելու համագործակցութեան եւ երկխօսութեան հիման վրայ կառուցուած ուսուցման մօտեցումները։Սուրբ Խաչ Դպրեվանքին մէջ կը շարունակենք միասին սորվելու, բաժնեկցելու եւ ստեղծելու։Այս արժէքաւոր ձեռնարկին համար մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Հրանդ Տինք Հիմնարկին։