Տոքթ. Սարվէն Չաքմաք եւ Արէս Պօյաճեան՝ Բ. Համահայկական Ձմեռնային Խաղերուն Մէջ

Տոքթ. Սարվէն Չաքմաք եւ Արէս Պօյաճեան՝ Բ. Համահայկական Ձմեռնային Խաղերուն Մէջ
22/2/2026
Ջերմուկ, Հայաստան

Վարժարանիս ճատրակի ուսուցիչ Սարվէն Չաքմաք եւ վարժարանիս սաներէն Արէս Պօյաճեան մասնակցեցան` Համահայկական ձմեռնային Բ. խաղերուն:Համահայկական ձմեռնային 2-րդ խաղերը տեղի կ՛ունենան 1-6 Փետրուար թուականներու միջեւ, Հայաստանի Ջերմուկ քաղաքին մէջ։ Իսթանպուլահայ պատուիրակութիւնը կը մասնակցի ճատրակի մրցաշարքին։ Սոյն ճիւղին մէջ, վարժարանիս ճատրակի ուսուցիչ Սարվէն Չաքմաքի հսկողութեան ներքեւ մրցող ԺԲ. դասարանի սան` Արէս Պօյաճեանին եւ բոլոր մարզիկներուն կը մաղթենք յաջողութիւն։