Սիլիքոն Հովիտէն Երիտասարդներուն Ներշնչում՝ Մագդալենա Եշիլ Զրոյց

Սիլիքոն Հովիտէն Երիտասարդներուն Ներշնչում՝ Մագդալենա Եշիլ Զրոյց
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Վարժարանիս մէջ ունեցանք հորիզոն բացող հանդիպում մը՝ Սիլիքոնային Հովիտի առաջատար անուններէն Մակտալենա Եշիլի հետ։Եշիլ, որուն ճամբորդութիւնը սկսած էր Գատըգիւղէն եւ Ամերիկա համալսարանական երազով իրագործում գտած, երիտասարդներուն խօսեցաւ նպատակ դնելու, ռիսք ստանձնելու եւ յուսահատ չըլլալու կարեւորութեան մասին։Քոյր վարժարաններու աշակերտներու եւ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ այս հանդիպումը դարձաւ անմոռանալի փորձառութիւն մը՝ ապագային քաջ քայլերով երթալ ուզող երիտասարդներուն համար։