.png)
Այս տարի մեր աւանդական Ամանորի ընթրիքը իրականացուցինք խորիմաստ եւ համախմբուած մթնոլորտի մէջ՝ մեր դպրոցի թաղային խորհուրդի ատենապետին եւ անդամներուն, Շրջանաւարտներու Միութեան ատենապետին եւ անդամներուն, Ծնողաց յանձնախումբի անդամներուն, դպրոցի վարչակազմին, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ եղբայրական հիմնարկներու Վարչական Խորհուրդներու անդամներուն համատեղ մասնակցութեամբ։
Այս գեղեցիկ հանդիպումը մեզի մէկ անգամ եւս խորապէս զգացնել տուաւ, թէ մենք մեծ ընտանիք մըն ենք, որ միասնութեամբ եւ համերաշխութեամբ կը կանգնի թէ՛ բարի օրերուն, թէ՛ դժուար ժամանակներուն։