.png)
Անձրեւոտ օդին հակառակ, մտերմիկ հաւաքոյթ`Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ այս տարի երկրորդ անգամ իրականացաւ Մայրերու Օրուան նուիրուած նախաճաշի հաւաքը։ Ձեռնարկը վարեց Ասլին Ճանճիկը։ Տիկնանց Կազմի նախկին անդամներէն Վարդանոյշ Չէրմէն, Սէրտա Թաշճեանը, Աղաւնի Ճէհէրեանը եւ Ժպիտ Փորթաքալեանը հանդէս եկան եւ արտայայտեցին իրենց սրտի խօսքերը։Ձեռնարկի ընթացքին կատարուած վիճակահանութիւնը մասնակիցներուն հաճելի եւ յուզիչ պահեր պարգեւեց։Փակման խօսքերը կատարեցին Վարժարանի Տնօրէն Հայկ Սէրքան Գըյըճըն եւ Խնամակալութեան Ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տէմիրճին։Մեր բոլոր հիւրերուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը եւ բոլոր մայրերուն Մայրերու Օրը կը շնորհաւորենք։