.png)
Surp Haç-ի աշակերտներէն Արամեան Ունճույան Վարժարանէն Սերածներու Միութեան մէջ հրաշալի բեմական ելոյթ մը իրականացուցին։
Դեկտեմբեր 20-ին, Ուրբաթ օրը, մեր աշակերտներուն բեմադրած «ՄԵՐ ՄՕՏԻ ՄԱՆՈՒԿ ԱՐՇԻԼ ԿՈՐԿԻ» ներկայացման ընթացքին ցուցաբերուած հիասքանչ կատարումով կը հպարտանանք։ Արուեստի եւ ստեղծագործութեան գեղեցիկ դրսեւորումներով հարուստ այս երեկոյին հաճելի անակնկալ մը եղաւ հանդիսատեսներու շարքին գտնուող Surp Haç-ի շրջանաւարտ դերասան Քեւորգ Մալիկեանի մասնակցութիւնը, որ փոխազդեցիկ կերպով միացաւ ներկայացման։
Այս գեղեցիկ երեկոյին հիւրընկալութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արամեան Ունճույան Վարժարանէն Սերածներու Միութեան նախագահ Սեւան Աթաողլուին, միութեան վարչութեան անդամներուն, ներկայացումը դիտելու եկած բոլոր հիւրերուն, ջանք ներդրած մեր բոլոր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ աջակցութիւն ցուցաբերած բոլոր անձանց։