
10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու սաները քննարկեցին «Մայտա» վէպն ու Սրբուհի Տիւսաբի ժառանգութիւնը:Այսօր Եսայեան միութեան մէջ 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներ Վահագն Քէշիշեան եւ Մարալ Աքթոքմաքեանի հետ հայերէն լեզուով իրականացուցին զրոյց մը, որ նուիրուած էր Սրբուհի Տիւսաբի կեանքին եւ անոր «Մայտա» վէպին։Զրոյցի ընթացքին Մարալ Աքթոքմաքեան ներկայացուց իր ուսումնասիրութենէն ծնած մի քանի կարեւոր դիտարկումներ․«Տիւսաբը կրնար ռոմանթիկ շրջանակով մը գրել այն ատեն պիտի անհետանար եւ այսպիսի արժէք մը պիտի չունենար»։«Գրելով կը շահիս ազատութիւնը»։«Տիւսաբ միայն գրականութիւն մը չէ սկսցուցած, կիները անկէ ուժ առնելով շարժում մը սկսցուցած են»։«Այս շարժումը տղայ մարդոց համար ալ ներշնչում մը եղաւ»։