YKS Ուսումնասիրութիւններու Շրջանակին՝ Համալսարանային Այցելութիւն եւ Մասնագիտութիւններու Ներկայացում

YKS Ուսումնասիրութիւններու Շրջանակին՝ Համալսարանային Այցելութիւն եւ Մասնագիտութիւններու Ներկայացում
22/2/2026
Տարբեր Համալսարաններու Կամփուսներ

Մեր դպրոցին մէջ պարբերաբար կազմակերպուող «YKS Ուսումնասիրութիւններ»ու շրջանակին մէջ, 12-րդ դասարանի մեր աշակերտներու մասնակցութեամբ, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կիրառուող «TYT եւ AYT Փորձնական Քննութիւն»ները իրականացուցինք տարբեր համալսարաններու կամփուսներուն մէջ։ Ամէն տարի տարբեր համալսարաններու մէջ եւ զանազան ժամանակահատուածներու ընթացքին կազմակերպուող այս քննութիւնները իրականացուեցան TYT քննութեան կանոններուն լիովին համապատասխան։ Մեր աշակերտները այսպիսով առիթ ունեցան փորձնական քննութեան մասնակցելու տարբեր մթնոլորտի մը մէջ եւ ձեռք բերելու իրական փորձառութիւն։

Փորձնական քննութենէն ետք աշակերտները այցելեցին համալսարանի կամփուսը եւ Ռեզան Հաս Թանգարանը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ստացան տարբեր բաժիններու մասին։ Մեր դպրոցին տրամադրած միջավայրին եւ հնարաւորութիւններուն համար կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը Քատիր Հաս, Պողազիչի եւ MEF համալսարաններուն։