Արեգին Բեմի եւ Արուեստի Մէջ Ջանասիրութեան եւ Յաջողութեան Պատմութիւնը

Yayınlanma tarihi
30.05.2025
Kategori
Ուսումնական եւ Մշակութային Նուաճումներ

ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ԴԷՊԻ ՆՊԱՏԱԿԸ

Արեգը առաւօտները զարթուցիչէն առաջ կը զարթնէ՞ր։ Ո՛չ։
Իւրաքանչիւր դասին ամբողջ նուիրումով կը մօտենա՞ր։ Թերեւս միշտ ոչ, բայց իր ջանքը երբեք աննշան չէր։
Բայց արդեօք ան հաստատակա՞մ էր։ Ահա՛ հոն կասկած չկայ։

Մինչ Արեգը կը քալէ դէպի իր երազները,մենք կը ծափահարենք զինք։
Այս ուղիին վրայ իրեն ընկերակցած համբերատար ուսուցիչներուն եւ միշտ իր կողքին կանգնած ընտանիքին ալ կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը։

Արեգը Մարալ Երաժշտութեան եւ Պարի Համախմբումին մէջ, Թան Սաղթիւրք Ակադեմիայի բեմադրած «Welcome to Broadway» Երաժշտական թատերախաղին մէջ պարերով ելոյթ ունեցած է, իսկ վերջին երկու տարիներուն նաեւ բեմ բարձրացած է «Anadolu Ateşi» ներկայացումներուն մէջ։

Սրտանց կը շնորհաւորենք Արեգը եւ կը մաղթենք անսպառ յաջողութիւններ իր գեղարուեստական ճանապարհին մէջ։