
Հրատարակութեան թուական
09.11.2024
Բաժին
Մարզանք
Մեր դպրոցի 11-րդ դասարանի աշակերտներէն Այք Նիշան, անցեալ շաբաթներուն ընտրուելով Թուրքիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի (TFF) երիտասարդ ֆութպոլի թեկնածու դատաւորութեան, արձանագրեց նշանակալից յաջողութիւն մը։
Երիտասարդ տարիքին ցուցաբերած իր կամքն ու վճռականութիւնը շնորհիւ ան քայլ առաւ դէպի դատաւորութեան աշխարհ։ Իր առաջին մրցումը սկսաւ 9 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ օրը, U16 տարիքային խումբի խաղով։
Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր աշակերտը եւ կը մաղթենք շարունակական յաջողութիւններ։
.png)

