Մեր 10-րդ Դասարանի Աշակերտները Այցելեցին Սապանճը Համալսարանի Նանօթէքնօլօժի Գիտահետազօտական Կեդրոնը

Մեր 10-րդ Դասարանի Աշակերտները Այցելեցին Սապանճը Համալսարանի Նանօթէքնօլօժի Գիտահետազօտական Կեդրոնը
22/2/2026
Սապանճը Համալսարան

16 Մայիս Ուրբաթ, վարժարանիս 10-րդ դասարանի սաներուն հետ այցելեցինք` Սապանճը համալսարանի Նանօթէքնօլօժի Գիտահետազօտական Կեդրոնը։«Ի՞նչ է նանօթէքնօլօժին, ի՞նչ գործածութիւն ունի, ինչո՞ւ այսքան փոքրը այսքան կարեւոր է» հարցումներուն պատասխանը փնտռեցինք այս այցելութեան ընթացքին։ Մեր սաները առիթ ունեցան մօտէն դիտելու բազմաթիւ գիտական աշխատանքներ՝ նիւթաբանութեան, ուժանիւթի, շրջապատի, առողջապահութեան ոլորտներէն ներս։Զննեցինք արդի տարրալուծարանը, լսեցինք թէ ինչպէս կ’աշխատի ելեկտրոնային մանրադիտակը։ Այլ խօսքով՝ փորձեցինք տեսնել անտեսանելին ու աւելի խոր հասկնալ ծանօթը։Վարժարանիս մէջ ուսումը սահմանուած չէ միայն դասարանով։ Ամէն առիթով մեր աշակերտները համալսարանական մթնոլորտին եւ գիտութեան աշխարհին հետ կապելով, ուսման ընթացքը կ’անցնենք կեանքի մէջ։ Այս այցելութիւնները, որ կը ծրագրենք դասերու ծրագրին զուգահեռ, մեր աւանդական մօտեցումին եւ ապագայակեդրոն կրթական ըմբռնումին անբաժանելի մէկ մասն են։