2025–2026 Ուսումնական Տարեշրջանի Բացման Հանդիսութիւն

2025–2026 Ուսումնական Տարեշրջանի Բացման Հանդիսութիւն
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

9 Սեպտեմբեր Երեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի երդիքին ներքեւ տեղի ունեցաւ 2025-2026 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը մասնակցութեամբ` վարժարանիս վանահայր Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Ազատ Տէմիրճիի եւ անդամներու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Արտա Ինճէօղլուի, տնօրէն Հայկ Սէրքան Գըյըճըի, Սանուց Միութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզի, քոյր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետներ` Պերճ Զընկըքի, Մասիս Գույումճուի եւ անդամներու, ազգային գործիչ Հրաչ Գըրմըզեանի, ուսուցիչներու, ծնողներու, սաներու եւ շրջանաւարտներու։Առաջին դասը դասաւանդուեցաւ վարժարանիս 1961-1962 տարեշրջանի շրջանաւարտներէն, յայտնի դերասան` Գէորգ Մալիքեանի կողմէ։ Մալիքեան շեշտեց լեզուին կարեւորութիւնը եւ արտայայտուեցաւ թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէնով։ Ան յայտնեց, թէ իր արուեստի կեանքը տարիներ առաջ սկսած էր Դպրեվանքի սրահէն ներս եւ ներշնչող ուղերձներ փոխանցեց երիտասարդներուն։Յանուն նորաւարտ ուսուցիչներու արտայայտուեցաւ` վարժարանիս փիլիսոփայութեան ուսուցչուհի Նայիրա Կարմիրեանը իսկ յանուն շրջանաւարտ սաներու արտայայտուեցաւ` քանդակագործ Ռոպէն Տիվարճըն։Լուսանկարները եւ տեսերիզները կը պատկանին` Պերճ Արապեանի, Թորոս Տէղիրմէնճիի եւ վարժարանիս սան` Լիա Փորթաքալեանի։ Բացման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ աւանդական ճաշով։