.png)
3 Սեպտեմբեր, Չորեքշաբթի, վարժարանիս Թ. դասարանի սաները մասնակցեցան` Հրանդ Տինք Հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Ժողովրդավար Քաղաք» խորագրեալ աշխատանոցին եւ անմոռանալի փորձառութիւն մը ունեցան։Գործունէութեան ընթացքին, սաները խումբերու բաժնուելով իրենց գաղափարները փոխանակեցին, քննարկեցին եւ գործակցեցան՝ միասին կերտելու համար իրենց «ժողովրդավար քաղաքը»։ Այս գործունէութեան մէջ անոնք ոչ միայն խաղ մը խաղացին, այլ նաեւ մօտէն ճանչցան ժողովրդավարութեան հասկացողութիւնը եւ սորվեցան լսել տարբեր տեսանկիւններ։Այս իմաստալից գործունէութիւնը մեր աշակերտներուն համար թէ հաճելի եւ թէ ուսանելի միջավայր մը ստեղծեց։Այս հորիզոն բացող արհեստանոցային փորձառութեան համար մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Հրանդ Տինք Հիմնարկին։