Աղջիկ Երեխաներու Միջազգային Օրուն՝ “Girls’ Shine 2 – Rose and Candle” Գործունէութիւն

Աղջիկ Երեխաներու Միջազգային Օրուն՝ “Girls’ Shine 2 – Rose and Candle” Գործունէութիւն
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Ամէն տարի Հոկտեմբեր 11-ին կը նշուի Աղջիկ Երախաներու Միջազգային Օրը։ Այս առիթով, վարժարանիս Ժ. դասարանի աշակերտուհիներուն հետ իմաստալից ձեռնարկի մը սկսանք։«Girls’ Shine 2 – Rose and Candle» eTwinning ծրագրի ծիրէն ներս, աշակերտուհիները իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ մասնակցեցան յատուկ վարդ տնկելու գործունէութեան մը։Աշակերտուհիները խնամքով հատեցին վարժարանիս պարտէզին վարդերը, սիրով ու յոյսով լեցուն ձեռքերով զանազան թաղարներու մէջ տնկեցին եւ անոնց նոր կեանք մը պարգեւեցին։ Այս փոքրիկ վարդի թուփերը այժմ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեան տակ թողուած են՝ նոր ծիլեր տալու։Շուտով անոնք պիտի փոխադրուին հողին մէջ։ Այս վարդերը պարզ ծաղիկներ չեն, անոնք կը խորհրդանշեն աղջիկներու ուժը, յոյսը եւ ապագային ձգած իրենց հետքը։Ամէն վարդ պիտի դառնայ ապագային վստահող երիտասարդ կիներու լուռ, բայց զօրաւոր ձայնը։