
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայճարի նախաձեռնութեամբ Պաղլարպաշը գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցան Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այսօր՝ 4 Հոկտեմբերին, Հայճարի անդամները, համայնքային դպրոցներու աշակերտներ եւ ուսուցիչներ համախմբուեցան Պալեան ընտանիքի դամբարանին շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ.Տ. Սահակ Բ.ի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր արարողութիւն։ Ոգեկոչման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ուսկիւտարի քաղաքապետ Սինեմ Տետետաշը։ Արարողութեան ընթացքին յիշատակուեցան նաեւ անմահ հայ բանաստեղծներ Մաթէոս Զարիֆեանն ու Պետրոս Դուրեանը։ Մեր աշակերտները ընթերցեցին Զարիֆեանի եւ Դուրեանի բանաստեղծութիւնները։