
Հոկտեմբեր 2-ին, Չորեքշաբթի օրը, Հրանդ Տինք Հիմնարկի KarDes խումբին եւ մեր դպրոցի աշակերտներուն մէկ տարիէ ի վեր համատեղ իրականացուցած «Պաղլարբաշը Յիշողութեան Շրջապտոյտ» ծրագիրի ներկայացումը տեղի ունեցաւ մեր դպրոցին մէջ։
Ներկայացման մասնակցեցան Ուսքուտարի քաղաքապետարանի աւագանիի ներկայացուցիչներ, հիմնարկներու վարչական խորհուրդներու նախագահներ եւ անդամներ, ակադեմականներ եւ հրաւիրեալներ։
Պաղլարբաշը Շրջապտոյտին մէջ ներառուած յիշողութեան վայրերու ներկայացումէն ետք, Մեհմէթ Ֆաթիհ Ուսլու, Սեւենկիւլ Սընմէզ եւ Զաքարիա Միլտանօղլու ներկայացուցին զեկոյցներ՝ Ուսքուտարը տարբեր դիտանկիւններով լուսաբանելով։