.png)
Օրը Գունաւորուեցաւ Թռուցիկներով
Այսօր մեր դպրոցին մէջ մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեցինք Իսթանպուլի Թռուցիկագործներու Միութեան նախագահ եւ Իսթանպուլի Թռուցիկի Թանգարանի հիմնադիր Պարոն Մեհմեթ Նաճի Աքէօզը։
Մեր 10-րդ դասարանի աշակերտները առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու թռուցիկի պատմական զարգացմանը, անոր տեխնոլոգիային եւ գիտութեան հետ ունեցած առնչութիւններուն։
Գործունէութեան շրջանակին մէջ մեր դպրոցի միջանցքներուն եւ սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ գունաւոր թռուցիկներու ցուցահանդէս մը։ Աշակերտները նաեւ գործնական աշխատանոցի ընթացքին փորձեցին պատրաստել «սիւրաբուն թռուցիկ»։ Աշխատանոցի աւարտին բոլոր աշակերտներուն նուէր տրուեցան թռուցիկ պատրաստելու նիւթեր։
Պարոն Մեհմեթ Նաճի Աքէօզին կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը իր արժէքաւոր մասնակցութեան եւ փոխանցած գիտելիքներուն համար։