.png)
25-26-27 Հոկտեմբեր թուականներուն վարժարանիս սաներէն Էլըն Ալքանլըն, Էնճըլ Ամուրօղլուն, Էտվին Միքաիլօղլուն, Լոռին Ելէկէնը եւ Գաթիա Մէնթէշէն մասնակցեցան՝ «BAUMUN Advanced» բանախօսութեան: Սաները, նախապէս որոշուած նիւթերու շուրջ արտայայտուեցան իրենց ներկայացուցած երկիրներու քաղաքական դիրքերուն եւ ռազմավարութեան մասին, իրենց գաղափարներու շուրջ համաձայնութիւն ստեղծելու եւ խնդիրներու լուծում գտնելու նպատակով մասնակցեցան բանավէճերու:Ողիմպիական Մասնախումբի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատգամաւոր Գաթիա Մէնթէշէն արժանացաւ՝ Պատուոյ Մրցանակին իսկ Յատուկ Քաղաքականութենէ եւ Գաղթատիրութենէ Ազատելու Մասնախումբի Չինաստանի պատգամաւոր Էլըն Ալքանլըն արժանացաւ՝ Բարձրագոյն Յաջողութեան Մրցանակին: