Ռոպեր Քոփթաշի Հետ՝ Գրականութեան եւ Ստեղծագործական Գրութեան Հանդիպում

Ռոպեր Քոփթաշի Հետ՝ Գրականութեան եւ Ստեղծագործական Գրութեան Հանդիպում
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Մեր հանդիպումը սկսաւ անոր առաջին վէպին՝ «Unufak»-ի շուրջ խորքային զրոյցով։ Քննարկեցինք հասարակական յիշողութիւնը, ինքնութեան որոնումը եւ անցեալին հետ առերեսումը՝ մեր աշակերտներու տեսանկիւնէն, Պարոն Ռոպեր Քոփթաշի եւ գրականութեան ուսուցիչներուն հետ միասին։

Գործունէութեան երկրորդ բաժինին կազմակերպուեցաւ ստեղծագործական գրութեան զրոյց մը մեր աշակերտներուն հետ։ Մինչ հանդիպումը, դպրոցին մէջ պատրաստուած «Տըպրեվանք աշակերտներու ընտանիքներու հայրենիքներու քարտէս»-ը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց։ Ընտանիքի աւագներուն հետ իրենց ունեցած զրոյցներէն ներշնչուած՝ աշակերտները գրի առին իրենց ընտանեկան պատմութիւնները։

Աշխատանոցի ընթացքին, ընտանիքի պատմութեան վերաբերող իրենց բերած լուսանկարներուն ընկերակցութեամբ, անոնք Պարոն Քոփթաշի հետ կատարեցին գաղափարներու փոխանակում եւ հարստացուցին իրենց պատմութիւնները։