Սուրբ Խաչ Լիսէի Մասնագիտական Օրերուն Նազար Շիգահէր Հետ Զրոյց

Սուրբ Խաչ Լիսէի Մասնագիտական Օրերուն Նազար Շիգահէր Հետ Զրոյց
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Ասպարէզներու Ծանուցման Օրեր`Նազար Շիկահեր Վարժարանիս ՄէջՎարժարանիս աշակերտներուն համար կազմակերպուած՝ “Ասպարէզներու Ծանուցման Օրեր” ձեռնարկի ծիրէն ներս, հիւրասիրեցինք` ճարտարապետ եւ կահոյքի ծրագրող Նազար Շիկահերը։ Deadalus եւ Ide-ի համահիմնադիր Շիկահերը, 2019 թուականին, Meyer Objects-ի համար հեղինակած ժամացոյցով արժանացած է` German Design Awards մրցանակին։Շիկահերը աշակերտներուն հետ հաճելի զրոյց մը ունեցաւ ստեղծագործական մտածողութեան եւ մասնագիտական ուղիի մասին։ Ան նոյնպէս անդրադարձաւ արտօնագրային գործընթացին, ներշնչումի եւ պատճենումի տարբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտադրողի եւ ծրագրողի համագործակցութեան մասին։Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պրն. Նազարին իր մասնակցութեան եւ արժէքաւոր բաժնեկցումներուն համար։