Թարգմանչաց Տօնի Շրջանակին Սրբուհի Տիւսապի Յիշատակին Նուիրուած Պատմուածք Գրելու Մրցոյթ

Թարգմանչաց Տօնի Շրջանակին Սրբուհի Տիւսապի Յիշատակին Նուիրուած Պատմուածք Գրելու Մրցոյթ
22/2/2026
Սուրբ Խաչ Լիսէ

Վարժարանիս երդիքին ներքեւ Թարգմանչացի տօնակատարութիւններու շարքէն ներս 5 լիկէոններու սաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ` Սրբուհի Տիւսաբի անմահ յիշատակին ձօնուած Պատմուածք Գրելու Փառատօն մը: Փառատօնին սաներ նախ կարդացին իրենց գրած պատմուածքներէն բաժիններ յետոյ պատասխանեցին փառատօնի յարգելի հիւրեր` Վահագն Քէշիշեան եւ Մարալ Աքթոքմանեանի հարցումներուն: Փառատօնի երկրորդ հանգրուանին, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններէն խումբ մը սաներ արտայայտուեցան Սրբուհի Տիւսաբի եւ վէպը Մայտայի մասին, որոնք արդէն սերտած էին իրենց դասապահերուն: Վերջին նիստին, Վահագն Քէշիշեան եւ Մարալ Աքթոմաքեան գիրքի եւ Սրբուհի Տիւսաբի մասին հետաքրքրական գիտելիքներ փոխանցելով աւարտին հասցուցին զրոյցը։ Վարժարանիս տնօրէն Հայկ Սէրքան Գըյըճըն մասնակից աշակերտներն ու ուսուցիչներուն իրենց մասնակցութեան առթիւ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց: Ան ընդգծեց նաեւ Հայ մշակոյթի եւ լեզուի նշանակութիւնը՝ հայկական ինքնութեան պահպանման տեսակէտէ: