
Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի երդիքին ներքեւ 2026-2027 տարեշրջանը սկսաւ յատուկ հանդէսով մը։
Վարժարանի սրահին մէջ 14 Սեպտեմբեր 2026, Երկուշաբթի առաւօտ ժամը 10.00-ին կատարուած վերամուտի հանդիսութիւնը որպէս Դպրեվանքի Վանահայր գլխաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։ Ներկայ էին ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տէմիրճիի գլխաւորութեամբ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան անդամները, Տնօրէն՝ Սերքան Հայկ Քըյըճըի գլխաւորութեամբ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, Խնամակալութեան նախկին շրջանի ատենապետ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան։
Նորին Ամենապատուութիւնը վարժարանի տեսչարանին մէջ հիւրասիրուեցաւ։
Անկախութեան Քայլերգի ունկնդրութեամբ սկսած հանդէսին նախ խօսեցաւ 2018ի շրջանաւարտներէ Ռոյ Մէրքէզօղլու, ապա խօսեցան Վարժարանի փոխ տնօրէն Թունճայ Ֆերիտ Էօզպահչէլի եւ տնօրէն Սերքան Հայկ Քըյըճը, խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տէմիրճին, ապա Ս. Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան Ատենապետ Նուպար Տինչէօզ, որոնք ուղերձներով շնորհաւորեցին վերամուտը:
Ներկաներուն ուրախութեամբ ծանուցուեցաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ակադեմական գետնի վրայ արձանագրած նոր յաջողութիւնը, որով մեր համայնքային վարժարաններու մէջ առաջին անգամ ստացած է հանրածանօթ College Boardի վաւերացում, ինչպէս նաեւ eTwinning Schoolի կարգավիճակ եւ մաս կազմած է AP (Advanced Placement), SAT (Scholastic Assessment Test) եւ IELTS (International English Language Testing System) ծրագիրներուն:
Ապա հանդէս եկաւ վարժարանի նախկին սաներէն Տոց. Տքթ. Արթիւր Մումճու՝ տարւոյն առաջին դասախօսութեամբ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ յիշեցուց Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի տեսլականի արդիւնք Ս. Խաչ Դպրեվանքը Տրապզոնցի Պատրիարքի աւանդն է: Որպէս հոգեւոր պետ եւ որպէս վանահայր Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց ուսման կարեւորութիւնը եւ թելադրութիւններ ըրաւ սաններուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը հայրաբար յորդորեց հարստանալ գիտելիքներով ու պատրաստուիլ կեանքին։ Յիշեցուց նաեւ, թէ վարժարանի խնամակալութիւնը ոգի ի բռին կ՚աշխատի, որպէսզի վարժարանի աշակերտներուն համար առողջ ապագայի կերտման սատար հանդիսանան։
Իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ խնամակալութեան, տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, բոլորին մաղթելով յաջողութիւն։

.png)
