BAUMUN’25-ին Մեր MUN Ակումբէն Հպարտացնող Յաջողութիւն

Yayınlanma tarihi
28.12.2025
Kategori
Ուսումնական եւ Մշակութային Նուաճումներ

Մեր MUN Ակումբը BAUMUN’25-էն վերադարձաւ երկու մրցանակով։

Մեր դպրոցի MUN Ակումբի աշակերտները, Պահչէշեհիր Համալսարանի հիւրընկալութեամբ 19–20–21 Դեկտեմբերին կազմակերպուած եւ 700 աշակերտի մասնակցութեամբ իրականացուած BAUMUN’25 համաժողովին մասնակցեցան 8 աշակերտներով՝ արժանապատիւ կերպով ներկայացնելով մեր դպրոցը։

Model United Nations ծրագրի շրջանակին մէջ մեր աշակերտները իրենց մասնակցած յանձնախումբերուն մէջ դրսեւորեցին դիւանագիտութեան, բանակցութեան եւ քննադատական մտածողութեան հմտութիւններ՝ յաջողութեամբ պաշտպանելով իրենց ներկայացուցած երկիրներու քաղաքական դիրքորոշումները։

Համաժողովի ընթացքին ցուցաբերած բարձր մակարդակի կատարողականութեան շնորհիւ մեր աշակերտներէն
Կարուն Երաստ Ճ. (ԱՄՆ Պատուիրակ) եւ
Ալին Սու Ե. (Հարաւային Քորէայի Պատուիրակ)
արժանացան Honorable Mention մրցանակին։

Այս գործընթացին մէջ մեր աշակերտներուն առաջնորդած Անգլերէնի Զումրը եւ բոլոր մասնակից աշակերտները կը շնորհաւորենք՝ պատասխանատուութեան գիտակցութեան եւ արձանագրած յաջողութիւններուն համար։