
Yayınlanma tarihi
09.06.2026
Kategori
Ուսումնական եւ Մշակութային Նուաճումներ
Կարգ մը յաջողութիւններ մրցանակէ մը կամ տիտղոսէ մը շատ աւելին կ՚արտայայտեն։ Անոնք՝ գաղափարի մը հաւատալու, դժուարութիւններու հանդէպ չընկրկելու եւ աշխատանքով հիւսուած ճամբորդութեան մը արդիւնքն են։«Մեր Լեզուի Հարստութիւնները» ծրագրի շրջագիծէն ներս պատրաստած պարբերաթերթին Սկիւտար թաղամասի առաջնութեան արժանանալը, այս աշխատանքին ամենագեղեցիկ փոխարինումը եղաւ։Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք վարժարանիս աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց սատարը բերին այս հպարտութիւնը մեզի պարգեւելու համար։ Այս յաջողութիւնը մեր հաւաքական ճիգին, հաւատքին եւ վճռակամութեամբ շարունակած աշխատանքներուն ամենաիմաստալից պարգեւը հանդիսացաւ։

.png)
