Մեր Աւանդական Ամանորի Ընթրիքը Իրականացաւ Միասնութեան եւ Համախմբուածութեան Մթնոլորտի Մէջ

Yayınlanma tarihi
31.12.2025
Kategori
Աւանդական

Այս տարի մեր աւանդական Ամանորի ընթրիքը իրականացուցինք խորիմաստ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ մեր դպրոցի Վարչական Խորհուրդի Նախագահին եւ անդամներուն, Շրջանաւարտներու Միութեան Նախագահին եւ անդամներուն, Դպրոց-Ծնող Միութեան անդամներուն, դպրոցի վարչակազմին, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ եղբայրական հիմնադրամներու Վարչական Խորհուրդներու անդամներուն համախմբումով։

Այս գեղեցիկ հանդիպումը մեզի կրկին անգամ խորապէս զգացնել տուաւ, թէ մենք մեծ ընտանիք մըն ենք, որ միասնութեամբ եւ համերաշխութեամբ կը մնայ թէ՛ բարի օրերուն, թէ՛ դժուար ժամանակներուն։